Ճէյմս Հարտեն Նշանակեց 42 Կէտ, Բայց Ռոքեթց Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած 12 մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզին մաս կազմող Քայլ Քուզմայի համար Տիթրոյիթ Փիսթընզի դէմ արձանագրուած յաղթանակը (113-100) եղաւ անմոռանալի, որովհետեւ ան այդ մրցումին իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով նշանակեց 41 կէտ: Ան այս իրագործումը կատարեց երեք քորթըրի ընթացքին:
Հիուսթըն Ռոքեթց իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ իր հիւրէն` Միլուոքի Պաքսէն (116-109), հակառակ անոր որ Ճէյմս Հարտեն (Ռոքեթց) նշանակեց 42 կէտ:
Այս իրագործումը կատարելով Հարտեն բաւական մը մօտեցաւ Լէյքըրզի նախկին մարզիկ Քոպի Պրայընթի հաստատած մրցանիշին: Վերջինս 2003-ին յաջորդաբար 16 մրցումի ընթացքին նշանակած էր 30-է աւելի կէտ:
Հարտեն 30-է աւելի կէտ նշանակեց` յաջորդաբար 14-րդ մրցումն ըլլալով:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Պոսթըն Սելթիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ | 135-108 |
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ | 123-106 |
Պրուքլին Նեթց – Աթլանթա Հոքս | 116-100 |
Հիուսթըն Ռոքեթց – Միլուոքի Պաքս | 109-116 |
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ | 96-86 |
Նիւ Օրլինզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ | 140-124 |
Տալաս Մավըրիքս – Ֆէոնիքս Սանզ | 104-94 |
Եութա Ճեզ – Օրլանտօ Մեճիք | 106-93 |
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Շիքակօ Պուլզ | 124-112 |
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ | 113-100 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Մայեմի Հիթ – Պոսթըն Սելթիքս
Տենվըր Նակեթց – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Օքլահոմա Սիթի
Սաքրամենթօ Քինկզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ