2015-ին Հայաստանի ճատրակի ախոյեան հանդիսացած Կարէն Գրիգորեան երրորդ դիրքը գրաւեց Սպանիոյ Ռոքեթաս Տէ Մար քաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին:
Հայրենի կրանտմասթըրը առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով կէս կէտով միայն զիջեցաւ տիտղոսին տիրացած ռուս Տմիթրի Ֆրոլիանովէն:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց սպանացի Ալեքսէյ Շիրով, որ լրացուցիչ ցուցանիշներով գերազանցեց Գրիգորեանը:
4-9-րդ դիրքերը գրաւած ճատրակ խաղացողները եւս ապահովեցին 7-ական կէտ:



