«Սփորթ-Էս» կայքը կը հաղորդէ, որ Պարսելոնայի միջնապահ Տենիս Սուարես համաձայն գտնուեցաւ տեղափոխուիլ լոնտոնեան Արսենալ:
25 տարեկան սպանացին ուզեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել իր նախկին մարզիչին` սպանացի Ունայ Էմերիի հետ:
Ասիկա կը նշանակէ, որ Պարսելոնա անմիջապէս իր բանակցութիւններուն սկսի Արսենալի հետ:
Սուարեսով հետաքրքրուած էին նաեւ Ա. Սէ. Միլան եւ Վալենսիա:
Ան այս տարեշրջանին Պարսայի հետ մասնակցեցաւ միայն երկու մրցումի, եւ այդ ալ` միայն 17 վայրկեան: Քաթալոնական ակումբին հետ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2020-ին:
Այս լուրին ի տես, անգլիական մամուլը հաղորդեց, որ եթէ ան միանայ Արսենալին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ծախու պիտի հանուի:



