Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Անթուան Կրիզման ճանչցուեցաւ իբրեւ սպանական «Լա լիկա»-ի դեկտեմբեր ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, յայտնեց «Լա լիկա»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նախորդ ամիս ան Սպանիոյ ախոյեանութեան մրցումներուն նշանակեց 4 կոլ եւ կատարեց մէկ էսիսթ` արժանթինցի Տիեկօ Սիմէոնէի գլխաւորած խումբին օգնելով չորս մրցումի ընթացքին ապահովելու 10 կէտ:
Ան իր մրցանակը պիտի ստանայ այս ամիս` Աթլեթիքօ Մատրիտ – Լեվանթէ մրցումէն առաջ:
Ան այս տարեշրջանի ախոյեանութեան գծով 18 մրցումի ընթացքին նշանակած է 8 կոլ եւ կատարած 5 էսիսթ:



