Ռէալ Մատրիտի պելճիքացի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա, որ մկանային վնասուածք ստացաւ, շուրջ 15 օր պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց արքայական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Այսպիսով, ան կը միանայ Ռէալի վիրաւորներու ցանկին, որուն մէջ են Կերըթ Պէյլ, Թոնի Քրուս, Մարքօ Ասենսիօ, Մարիանօ Տիաս եւ Մարքոս Լիորենթէ:
26 տարեկան Քուրթուա, որ 2018-ի ամրան միացաւ Ռէալին, այս տարեշրջանին ցարդ իր կատարած 16 մրցումներուն իր բերդին մէջ ստացած է 22 կոլ, բայց կատարած է 42 սէյվեր:
Անոր Ռէալ Մատրիտ ժամանումով քոսթա ռիքացի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս դուրս մնաց հիմնական կազմէն` դառնալով պահեստի բերդապահ: