Նախկին Խորհրդային Միութեան եւ Արարատ Երեւանի նախկին միջնապահ Խորէն Յովհաննիսեան, երէկ տօնեց իր ծննդեան 64-րդ տարեդարձը:
Հայաստանի 20-րդ դարու լաւագոյն ֆութպոլիստը նախկին Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի ազգային խումբին հետ կատարեց 34 մրցում` նշանակելով 6 կոլ:
Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ 1982-ի մոնտիալին: