
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 2018-ի մոնտիալի տիտղոսին տիրացած Պենժամէն Փաւարի յաջորդ ակումբը պիտի ըլլայ Պայէրն Միւնիխը, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Գերմանական Շթութկարթէն հանդէս եկող 22 տարեկան յետսապահը Գերմանիոյ գործող ախոյեանին պիտի միանայ 1 յուլիս 2019-ին` ստորագրելով 5 տարուան պայմանագրութիւն մը:
Նախապէս նշուած էր, որ Փաւարի փոխանցման համար Շթութկարթ կը պահանջէ 35 միլիոն եւրոյէն աւելի:
Փաւար 2016-ին ֆրանսական Լիլէն տեղափոխուած էր Շթութկարթ:


