«Տէյլի Մէյլ» երէկ յայտնեց, որ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը խումբին գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյին վճարեց 16,6 միլիոն եւրօ` իբրեւ փոխհատուցում, փորթուգալցիին պայմանագիրը ժամանակէն առաջ խզելուն համար:
Այժմ 55 տարեկան Մուրինիօ կարելիութիւն ունի գլխաւորելու այլ ակումբ մը:
Մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը Մանչեսթըր Եունայթըտի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատարն է նորվեկիացի Ուլէկիւնար Սոլսքիար, որ ակումբին հետ ելոյթ ունեցած է 1996-էն 2007: