Մարոքցի յետսապահ Մեհտի Պենաթիա իր ակումբը` Եուվենթուսը լքելով տեղափոխուեցաւ Քաթար, ուր միացաւ Տուհայլ խումբին, յայտնեց իտալական ակումբին պաշտօնական կայքը:
31 տարեկան ֆութպոլիստին այս փոխանցումը քաթարեան կազմին արժեց 8 միլիոն եւրօ: Շատ հաւանական է, որ ան իր լաւ ներկայացումներուն շնորհիւ ստանայ յաւելեալ 2 միլիոն եւրօ պարգեւավճար:
Ան 2016-ին Պայէրն Միւնիխէն տեղափոխուած էր Եուվենթուս:



