Երէկ` երեքշաբթի, 29 յունուարին, Լիբանանի դահուկարշաւի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Հայաստան` իր մասնակցութիւնը բերելու համար փոքր երկիրներու դահուկարշաւի մրցաշարքին:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Եուսեֆ Շամել Խալիլ, պատուիրակութեան պատասխանատուն է Նաժի Խալիլ, մարզիչը` Առնօ Ռինիօ, իսկ մարզիկները` Էլիսա Ժորժ, Ինկրիտ Ասուատ, Լիզա Ռաֆայէլ, Լուքաս Քէյրուզ, Ֆուատ Միշել Սատեր, Ռէյ Իսքանտար եւ Ռոլան Խալիլ:
Դահուկարշաւի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած այս մրցաշարքը Լիբանանի համար կու գայ զարգացնելու արտաքին մասնակցութիւնը, որպէսզի լիբանանցի մարզիկները կարենան միջազգային յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգել:
 
			


