Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի միջնապահ Տենիս Սուարես այս տարեշրջանին երկրորդ կէսը ելոյթ պիտի ունենայ լոնտոնեան Արսենալէն, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը փոխ տրուելէ ետք անգլիական ակումբին:
Նախքան Սուարեսը Արսենալին փոխ տալը, Պարսելոնա անոր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ յուլիս 2021:
Նշուեցաւ, որ վարձակալութեան պայմանագիրի աւարտէն ետք, Արսենալ կարելիութիւն կ՛ունենայ 20 միլիոն եւրօ վճարելով գնելու 25 տարեկան սպանացիին փոխանցման իրաւունքը:
Վարձակալութեան ընթացքին ֆութպոլիստին աշխատավարձքը պիտի վճարէ Արսենալը:



