«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան եօթը մրցումներ:
Հիուսթըն Ռոքեթց, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Նիւ Օրլինզը, 5 կէտի տարբերութեամբ` 121-116 արդիւնքով պարտուեցաւ անկէ: Ռոքեթցէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 37 կէտ:

Իր կարգին, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզէն իր դաշտին վրայ պարտութիւն մը կրեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (121-105): Լէյքըրզէն Պրենտըն Ինկրամ նշանակեց 36 կէտ:
Օրլանտոյի մէջ, Մեճիք 126-117 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Օքլահոմա Սիթիէն: Յաղթական կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Փոլ Ճորճ (37), մինչ անոր խմբակից Ռասըլ Ուեսթպրուք իրագործեց իր հերթական թրիփըլ-տապըլը (23 կէտ, 14 ռիպաունտ, 14 էսիսթ):
Թէեւ Տեւին Պուքըր նշանակեց 38 կէտ, բայց անոր կազմը` Ֆէոնիքս Սանզ, պարտուեցաւ Սան Անթոնիօ Սփըրզէն (126-124):
Ստորեւ` այսօրուան յայտագիրը.
Պոսթըն Սելթիքս – Շարլոթ Հոռնեթց
Մայեմի Հիթ – Շիքակօ Պուլզ
Նիւ Եորք Նիքս – Տալաս Մավըրիքս
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Նիւ Օրլինզ – Տենվըր Նակեթց
Սաքրամենթօ Քինկզ – Աթլանթա Հոքս
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Եութա Ճեզ


