Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը մեծ աշխատանք կը տանի Հայաստանի աղջկանց ազգային հաւաքականը ձեւաւորելու գծով, այս մասին յայտնեց ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Վանեցեանի խորհրդականը` Զոհրապ Եգանեան:
Նշուեցաւ, որ 2019 սեպտեմբերէն ետք աղջկանց Ա. եւ Բ. դասակարգերուն մէջ խումբերուն թիւը պիտի աւելնայ: Այժմ երկու խմբակներուն մէջ կը խաղան 6-ական խումբեր: Առաջինին պարագային պիտի ըլլան նուազագոյնը 8 խումբեր, իսկ երկրորդին մէջ` 10:
Աշխատանքները մեծ թափով տեղի կ՛ունենան` ստեղծելու համար աղջկանց մեծերու ազգային խումբը: Խումբի ստեղծման աշխատանքին մեծապէս պիտի նպաստեն արտասահմանի մէջ հանդէս եկող հայ ֆութպոլիստներ:
Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը այժմ կը պատրաստուի, Եւրօ-2020-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն, իսկ յառաջիկայ նոյեմբերին կը նախատեսուի Հայաստանի աղջկանց ֆութսալի ախոյեանութեան մեկնարկը կատարել:



