Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան շարք մը ճակատումներ, որոնց ընթացքին մեծագոյն յաղթականը եղաւ Նըժմէ, որ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 6-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թաքատտոմ Անքունի:
Սալամ Զղարթա յաղթեց Շապապ Ղազիէին (3-2), իսկ Ախա Ահլի Ալէյ` Ահտի Նապաթիէին:
Մնացեալ մրցումները կը շարունակուին այսօր` չորեքշաբթի, 30 յունուարին:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, յաջորդաբար երկրորդ անգամն ըլլալով, իր մրցումը կը կատարէ Պհամտունի դաշտին վրայ, երբ յետմիջօրէի ժամը 13:30-ին կը մրցի Սաֆայի դէմ:
ՀՄԸՄ-էն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրել եւ ապահովել յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:
 
			


