Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումները ամբողջացան երէկ, երբ տեղի ունեցան յայտագիրին վրայ գտնուող վերջին չորս մրցումները:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Պհամտունի դաշտին վրայ մրցեցաւ Ա. դասակարգի կազմերէն Սաֆայի դէմ, երկարաձգումէն ետք 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք անկէ, դուրս մնաց մրցաշարքէն: Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 հաւասարութեամբ:
Ա. կիսախաղին ՀՄԸՄ գերազանցեց իր մրցակիցը` շնորհիւ Յակոբ Նաճարեանի նշանակած կոլին (37-րդ` փենալթիով): Սակայն Սաֆայի հաւասարութեան կոլը նշանակեց Մոհամետ Թահհան` գլուխով (61-րդ):
Երկարաձգման ընթացքին, Հիւսէյն Աութա նշանակեց իր կազմին 2-րդ կոլը` դարձեալ գլխու հարուածով (102-րդ), իսկ 114-րդ վայրկեանին Ալի Սաատի նշանակեց Սաֆայի երրորդ կոլը:
Մրցումին գլխաւոր իրաւարարն էր Քազեմ Խանսա, կողմի իրաւարարները` Մոհամետ Ալաէտտին եւ Ալի Հաժ, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Ահմետ Աուտի:
Պէտք է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները յաջողեցան լաւ ներկայացում մը ցուցադրել, մանաւանդ կազմի մը դէմ, որ մաս կը կազմէ Ա. դասակարգին, լաւապէս գործադրելով իրենց մարզիչին` Վաչէ Սարգիսեանի ցուցմունքները:
Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ մրցումներուն ՀՄԸՄ ունենալով աւելի լաւ խաղարկութիւն եւ յաղթանակներ արձանագրելու շնորհիւ, խոյս տայ Բ. դասակարգի վարին դիրքերէն:
Նշենք, որ երէկ յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Անսար, Ահտ եւ Թրիփոլի:
 
			


