Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 31 յունուարին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ հիւրը կ՛ըլլայ Հուփսի:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 19:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ):
Սկզբունքով այս մրցումը տեղի պիտի ունենար վաղը` ուրբաթ, 1 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
Սակայն նկատի ունենալով, որ նոյն ժամուն տեղի պիտի ունենայ Ռիատի – Պէյրութ մրցումը, ՀՄԸՄ-ի կատարելիք մրցումը յառաջաձգուեցաւ այսօրուան:
10 մրցում կատարած ՀՄԸՄ արձանագրած է 8 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն, մինչ 11 մրցում կատարած Հուփս արձանագրած է 5 յաղթանակ եւ կրած 6 պարտութիւն:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի արձանագրել իրենց 9-րդ յաղթանակը:
 
			

