Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 28 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Միջազգային համալսարանի կազմին դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սատի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել, իսկ համակիրներէն` ուղղուիլ դաշտ` քաջալերելու համար իրենց կազմը:
Այս մրցումէն ետք ՀՄԸՄ Պէյրութ յաջորդաբար պիտի մրցի հետեւեալ կազմերուն դէմ. Ահլի Սայտա, Շատրա Ռիատի, Շեպիպէ Նահտա Շուէյֆաթ, Ռաուտա Տըքուանէ, Ժամհուր, Արայա Շաապի, Ալաաթ Թըպնին, Մըշաալ Պըտնայել: