Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի (ֆայնըլ-ֆոր) մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 28 փետրուարին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս երկրորդ մրցումը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս այժմ 1-0 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: