Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի «Այրոֆլոթ»-ի միջազգային մրցաշարքի 7-րդ հանգրուանէն ետք, Հայաստանի հաւաքականի նորեկ Հայկ Մարտիրոսեան կը գտնուի յառաջատարներու շարքին` իր արձանագրած փայլուն արդիւնքներուն շնորհիւ:
7-րդ հանգրուանին ան ճերմակ քարերով շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց նախքան այս հանգրուանի մրցումները առանձինը պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող հնդիկ Քրիշնան Սաշիքիրանի դէմ եւ հաւասարեցաւ անոր:
Մարտիրոսեան, որ այժմ ունի 5,5 կէտ, Սաշիքիրանի եւ Քայիտօ Քուլաոցի հետ (Էսթոնիա), կը կիսէ առաջին դիրքը:
4-7-րդ դիրքը կը բաժնեն (5-ական կէտով) չորս ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` Տիգրան Լ. Պետրոսեան:
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչներէն Մանուէլ Պետրոսեան եւ Արամ Յակոբեան ապահոված են 4-ական կէտ, իսկ Շանթ Սարգսեան` 3,5 կէտ:



