«Ֆութպոլ-Իտալիա» երէկ հաղորդեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, իտալացի իրաւարար Ռոցարիօ Ապիսօ կախակայուեցաւ 3 մրցումով:
Ան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 25-րդ հանգրուանին գծով կատարուած Ֆիորենթինա – Ինթեր Միլան մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն էր:
Վերոնշեալ մրցումին, ան 101-րդ վայրկեանին կասկածելի փենալթի մը շնորհած էր Ֆիորենթինային, որ նշանակելով այդ կոլը, արդիւնքը հաւասարեցուցած էր 3-3:



