Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանին ծիրին մէջ իր կատարած մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց կազմը արձանագրեց տպաւորիչ յաղթանակ մը, երբ 5-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Կլոպըլ» համալսարանին կազմը:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Շանթ Պալեան, Սեւակ Օհանեան, Երուանդ Մանասերեան, Մհեր Սիւրմենեան եւ Միքայէլ Նորաշխարհեան:
ՀՄԸՄ Պէյրութ իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ այսօր` շաբաթ, 2 մարտին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, երբ Մուժամահ Նեպիհ Պըրրիի դաշտին վրայ կը մրցի Ահլի Սայտայի դէմ:



