31 օգոստոսէն 15 սեպտեմբեր, Չինաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ 2019-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 32 երկիրներու ազգային խումբերուն:
Այդ 32 խումբերը պիտի բաժնուին 8 խմբակներու: Անոր վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 16 մարտին:
Մրցաշարքին գործող ախոյեանն է Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբը, որ չորս տարի առաջ աւարտականին 129-92 արդիւնքով յաղթեց Սերպիոյ:
Ստորեւ` այդ 32 մասնակիցները.
ԱՓՐԻԿԷ.- Թունուզ, Անկոլա, Նիկերիա, Սենեկալ, Փղոսկրեայ Ափունք:
ԱՄԵՐԻԿԱ.- Միացեալ Նահանգներ, Արժանթին, Փորթօ Ռիքօ, Քանատա, Վենեզուելա, Պրազիլ, Տոմինիքեան հանրապետութիւն:
ԱՍԻԱ-ՈՎԿԻԱՆԻԱ.- Նոր Զելանտա, Հարաւային Քորէա, Յորդանան, Չինաստան, Աւստրալիա, Ճափոն, Իրան, Ֆիլիփեան կղզիներ:
ԵՒՐՈՊԱ.- Սպանիա, Թուրքիա, Մոնթենեկրօ, Լաթվիա, Իտալիա, Լեհաստան, Ֆրանսա, Ռուսիա, Չեխիա, Յունաստան, Գերմանիա եւ Սերպիա:



