Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի նորեկ Հայկ Մարտիրոսեան կը շարունակէ իր յաջող ելոյթները Մոսկուայի մէջ կատարուող ճատրակի «Այրոֆլոթ»-ի միջազգային մրցաշարքին գծով:
8-րդ հանգրուանին ան սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրելով ռուս Ալեքսէյ Սարանայի հետ, իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 6 կէտ: Ան հնդիկ Քրիշնան Սաշիքիրանի եւ էսթոնիացի Քայիտօ Քուալաոցի հետ միասին կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը:
4-9-րդ դիրքերը 5,5-ական կէտով կը բաժնեն 6 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` Տիգրան Լ. Պետրոսեան:
Մանուէլ Պետրոսեան եւ Արամ Յակոբեան ապահոված են 5-ական կէտ, իսկ Շանթ Սարգսեան` 4 կէտ: