Անասիայի մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի երիտասարդական միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները հասնելով կիսաւարտականին, նուազագոյնը ապահովեցին պրոնզ մետալ մը, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Քառորդ աւարտականին յաղթանակներ արձանագրեցին Ռուտոլֆ Գարբոյեան (49 քկ) եւ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան (75 քկ):
Երիտասարդական հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Կարէն Աղամալեան, իսկ երկրորդ մարզիչը` Գարիկ Բաղդասարեան:



