«Սփորթ-Էս.» կայքը կը հաղորդէ, որ այս ամրան, երբ մարզիկներու փոխանցումները սկսին, Պարսելոնա պիտի փորձէ ձեռք ձգել Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Վալենսիայի յառաջապահ Ռոտրիկօ Մորենոյի ստորագրութիւնը:
Նախորդ ամառ Ռէալ Մատրիտ ուզեց ձեռք ձգել 28 տարեկան ֆութպոլիստը, սակայն անիկա փոփոխութեան ենթարկեց իր հետաքրքրութիւնը, երբ Վալենսիա յայտնեց, որ անոր հրաժարագինը կը կազմէ 120 միլիոն եւրօ:
Ան 2014-ին Սփորթինկ Լիզպոնէն փոխ տրուեցաւ Վալենսիային: Տարի մը ետք, Վալենսիա ձեռք ձգեց անոր ստորագրութիւնը` փոխան 30 միլիոն եւրոյի: