Սպանական Մարքա օրաթերթը յայտնեց, որ Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ապաքինած է արդէն եւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Այաքս Ամսթերտամի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի երթի մրցումին:
Մրցումը տեղի պիտի ունենայ 10 ապրիլին Ամսթերտամի մէջ, իսկ դարձի մրցումը պիտի կատարուի` 16 ապրիլին Իտալիոյ մէջ:
34 տարեկան Ռոնալտօ շատ հաւանաբար մասնակցի նաեւ այս շաբաթավերջին Ա. Սէ. Միլանի դէմ տեղի ունենալիք Քալչիոյի մրցումին (31-րդ հանգրուան):
Ան վիրաւորուեցաւ 25 մարտին Սերպիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Եւրօ-2020):