Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ` Նէյմար, վերսկսաւ իր ամբողջական փորձերուն: Տեղեկութիւնը փոխանցեց մայրաքաղաքի կազմին պաշտօնական կայքը:
Ան վիրաւորուած էր 23 յունուարին, Սթրազպուրկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Ֆրանսայի բաժակի մրցաշարք) եւ այդ պատճառով շուրջ տասը շաբաթէ ի վեր բացակայեցաւ դաշտերէն:
Բժիշկները յայտնեցին, որ ան պէտք չունի վերաբուժութեան: