Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան ֆայնըլ-էյթի երկու ճակատումներ:

Սաֆատի մարզադաշտին վրայ (Թրիփոլի) Մութթահետ, որ հիւրընկալեց Պէյրութը, տասը կէտի տարբերութեամբ` 66-56 արդիւնքով, պարտութիւն մը կրեց: Առաջին երեք քորթըրներուն Մութթահետ ինք կը յառաջանար (16-13, 34-28, 48-47):
Այժմ երկու կազմերուն միջեւ արդիւնքը 1-1 հաւասարութիւն է:
Իսկ երկրորդ մրցումին Ռիատի, Ժիպէյլի մէջ, 95-86 արդիւնքով յաղթելով Պիպլոսին, 2-0 արդիւնքով շրջանցեց զայն:
Այսօր, ժամը 18:00-ին, տեղի կ՛ունենայ Շանվիլ – Աթլաս մրցումը: Մեթնի կազմը այժմ 2-0 արդիւնքով Պեքաայի կազմէն առջեւ է: