Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ ելոյթ ունեցող Երեւան, 2019-2020 տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ բարձրագոյն դասակարգին: Անիկա ստացաւ այդ դասակարգին մասնակցելու արտօնագիրը, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:
Ընթացիկ ախոյեանութեան, բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ կ՛ունենան 9 խումբեր:
Անոնք են` Արարատ – Արմենիա, Փիւնիկ, Ալաշկերտ, Բանանց, Լոռի, Շիրակ, Գանձասար – Կապան, Արցախ եւ Արարատ:



