Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ «Փինկ փոնկի օր», որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 6 ապրիլին, կէսօրուան ժամը 12:30-էն սկսեալ, Նըժմէի հրապարակին վրայ:
Անիկա տեղի կ՛ունենայ հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն մեծ թիւով մարզիկներ եւ քաղաքացիներ, դիւանագէտներ, քաղաքական գործիչներ, մարզական տարբեր պատասխանատուներ` տարբեր տեսակի դասակարգերուն մէջ:



