Հայաստանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, Ուրարտու – «Վիվարօ», 99-87 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Արցախի դէմ, հանդիսացաւ 2019-ի Հայաստանի բաժակակիր:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Արցախէն Ալպերթ Թադէոսեան (21 կէտ):
Կիսաւարտականին Ուրարտու յաղթեց Արագածին, իսկ Արցախ` Էրեբունի Սետարսին: