Հայաստանի ներկայացուցիչ Հրանդ Մելքումեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Աւստրալիոյ մայրաքաղաք Քանպերայի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի մը, տիրացաւ տիտղոսին:
Հայրենի կրանտմասթըրը առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7,5 կէտ: Անոր ետին գտնուողները ապահովեցին 7-ական կէտ:
Մրցաշարքին մասնակցեցան 53 ճատրակ խաղացողներ: