«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ:
Արեւմտեան շրջանին մէջ, Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրընկալեց Եութա Ճեզը, արձանագրեց 118-98 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ճէյմս Հարտեն Ռոքեթցի հետ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (32 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ):
Ռոքեթց այժմ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Ճեզը` առաջին մրցումին եւս յաղթանակ մը արձանագրած ըլլալով (122-90):
Պոսթըն Սելթիքս 99-91 արդիւնքով յաղթեց Ինտիանա Փէյսըրզին եւ իր կարգին, 2-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը (առաջին մրցումին անիկա յաղթեց 84-74 արդիւնքով):
Յաղթական կազմէն Քիրի Ըրվինկ նշանակեց 37 կէտ:
Իսկ երրորդ եւ վերջին մրցումին, Միլուոքի Պաքս, որ 120-99 արդիւնքով յաղթեց Տիթրոյիթ Փիսթընզին, իր կարգին 2-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը (առաջին մրցումը` 121-86):