Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 35-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Լիվըրփուլ իր դաշտէն դուրս 2-0 արդիւնքով յաղթելով Քարտիֆին, իր ակումբին պատմութեան մէջ մրցանիշ մը հաստատեց:
Ակումբը «Փրեմիեր-լիկ»-ին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կրցաւ ապահովել 88 կէտ: Լիվըրփուլ իր նախկին մրցանիշը հաստատած էր 2008-2009 տարեշրջանին, երբ ապահոված էր 86 կէտ:
Այլ գետնի վրայ, Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ Էվըրթընի դաշտին վրայ կրեց 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը, սահմանեց հակամրցանիշ մը` իր ակումբին պատմութեան մէջ: Անիկա առաջին անգամ ըլլալով տարեշրջանի մը ընթացքին իր բերդին մէջ ստացաւ 48 կոլ: Նախապէս անիկա 1999-2000 եւ 2001-2002 տարեշրջաններուն ստացած էր 45 կոլ: