Այսօր` Չորրորդ Մրցումը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի ֆայնըլ-ֆորի (կիսաւարտական) մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 20 ապրիլին, տեղի ունեցաւ Պէյրութ-ՀՄԸՄ երրորդ ճակատումը, առաջինին դաշտին` Շիահի մարզադաշտին վրայ:
Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
Ցարդ տեղի ունեցած երկու մրցումներուն, իւրաքանչիւր խումբ իր յաղթանակը արձանագրեց իր դաշտէն դուրս:
Առաջին մրցումին Պէյրութ պարտուեցաւ Շիահի մէջ (98-80 արդիւնքով), իսկ երկրորդին ՀՄԸՄ` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ (76-72 արդիւնքով):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այսպիսով Պէյրութ յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել` 1-1:
Հետեւաբար, երկու խումբերն ալ իրենց ամէն կարելին պիտի ընէին արձանագրելու իրենց երկրորդ յաղթանակը` հաստատ քայլերով ուղղուիլ կարենալու համար դէպի աւարտական հանգրուան, թէեւ աւարտականին հասնող կազմին անունը կրնայ վճռուիլ չորրորդ կամ հինգերորդ` ճակատագրական մրցումին:
Այս երրորդ մրցումին ընթացքին Պէյրութ պիտի փորձէր նաեւ իր դաշտին վրայ այս տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով յաղթել ՀՄԸՄ-ին:
Պէյրութ մրցումը սկսաւ լաւ ձեւով եւ առաջին հինգ վայրկեանին ունեցաւ տասը կէտի առաւելութիւն մը (12-2):
Առաջին քորթըրը աւարտեցաւ ի նպաստ Պէյրութի` 22-11 արդիւնքով:
Խումբերը երկրորդ քորթըրին սկսան պէտք եղած ցուցմունքները ստանալէ ետք իրենց մարզիչներէն:
Առաջինին նման, երկրորդ քորթըրը եւս աւարտեցաւ Պէյրութի գերակայութեամբ` 49-25 արդիւնքով:
Ինչպէս նկատելի է, Պէյրութ մրցումին ղեկը սկիզբէն իսկ առաւ իր ձեռքին մէջ, որովհետեւ յաջողեցաւ մեծ ճնշում բանեցնելով Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի վրայ, բաւական նեղ կացութեան մատնել մարզիչ Ճօ Մուժահեսի կազմը, որ գրեթէ կորսուած վիճակ մը ունէր դաշտին մէջ, իր յարձակումները կը կազմակերպէր անյաջող ձեւով մրցակիցին առջեւ եւ իր կողովին տակ շուարած վիճակ մը ունէր, չէր յաջողեր կէտեր նշանակել եւ ռիպաունտներ հաւաքել:
Ասոր դիմաց, Պէյրութ բնականաբար աւելի կը ճնշէր ՀՄԸՄ-ի վրայ` օգտագործելով անոր բոլոր թոյլ կէտերը եւ հետզհետէ կը դառնար անհասանելի:
Եթէ Շարլ Թապեթի նման մարզիկ մը կը յաջողի տապըլ-տապըլ մը իրագործել ՀՄԸՄ-ի դէմ (10 կէտ, 17 ռիպաունտ), ասիկա կը նշանակէ, որ խումբին մէջ կայ մեծ սխալ մը, որ կը կարօտի շատ արագ սրբագրումի, քանի տակաւին ուշ չէ եւ ՀՄԸՄ կրնայ իր 2-1 ուշացումը վերածել… 3-2 յաղթանակի մը, անշուշտ եթէ խումբին մարզիկները ատիկա ուզեն:
Վերադառնալով մրցումին նշենք, որ առաջին երկու քորթըրներուն նման, վերջին երկուքին եւս Պէյրութ ունեցաւ կէտերու մեծ առաւելութիւն մը, երրորդին` 68-45, իսկ վերջինին` 90-64 արդիւնքով:
Մրցումը այսպիսով աւարտեցաւ Պէյրութի 26 կէտի մեծ յաղթանակով մը:
Պէյրութի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ալի Հայտար (23), մինչ ան իր խմբակիցներուն հետ նշանակեց 14 թրի-փոյնթ (փոխան միայն 4-ի):
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուոլթըր Հոճ (16), իսկ անոր խմբակից Մայք Էֆիպրա` 13 կէտ:
Իսկապէս անհասկնալի բան մը կար ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն մօտ, ուր զգալի էր պայքարի ոգին:
Կ՛ակնկալուի, որ յաջորդ երկու մրցումներուն ամէն ինչ շտկուի եւ ՀՄԸՄ երկու յաղթանակ արձանագրելով, յաջողի ապահովել աւարտականի իր տոմսը, բան մը, որ անկարելի չէ, անշուշտ եթէ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն մօտ կայ պայքարի ոգին:
Երկու կազմերուն միջեւ չորրորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
Նշենք, որ երէկ գիշեր Ռիատի ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` 73-65 արդիւնքով յաղթելէ եւ 3-1 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Շանվիլը: