Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, որ Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (3-0) հեթրիքի մը հեղինակ դարձաւ (47-րդ, 76-րդ եւ 91-րդ), իւրայատուկ մրցանիշ մը հաստատեց իր ակումբին հետ:
Սպանական մամուլը յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտի 117 տարուան պատմութեան մէջ Պենզեմա հանդիսացաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ նշանակեց իր կազմին վերջին 8 կոլերը` անոր կատարած վերջին 5 մրցումներուն ընթացքին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ռէալ Մատրիտ, որ այժմ 64 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երրորդ դիրքը, 13 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնայէն: