Նախորդ շաբաթավերջին Ամմանի մէջ (Յորդանան) իր աւարտին հասաւ ՈՒԱՊԱ-ի` Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ վերջին ճակատումը` ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ յորդանանեան Ֆըհէյս խումբին միջեւ:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին` հանդիսանալով Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան, երբ մրցաշարքը աւարտեց առանց պարտութեան` իր կատարած այս վերջին մրցումին յաղթելով իր մրցակիցին` 94-67 արդիւնքով:
Խումբը Յորդանանէն վերադարձին, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ արժանացաւ շատ մեծ եւ ջերմ ընդունելութեան:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ Անթիլիասը իր այս կարեւոր նուաճումին համար: