Լիբանանի վոլիպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան հանդիսացաւ Սփիտ-Պոլ Շեքքա, որ աւարտական հանգրուանի ճակատումներուն 3-0 արդիւնքով գերազանցեց Շեպիպեթ Թաննուրինը:
Այսպիսով, անիկա յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան:
Աւարտականի այս երրորդ ճակատումին, որ տեղի ունեցաւ Ղազիրի դաշտին վրայ, Թաննուրին երրորդ կիսախաղին քաշուեցաւ մրցումէն, մինչ ուշացած էր 2-0 արդիւնքով` բողոքելով իր մէկ մարզիկին իրաւարարին կողմէ տրուած կարմիր քարտին համար:
Բոլոր փորձերը անցան ի զուր, որպէսզի անիկա շարունակէ մրցումը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ձեռամբ ԱԼՖԱ ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարուան Հայեքի, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Ապի Ռամիայի եւ այլ անդամներու: