Յատուկ հրաւիրեալներու ներկայութեան, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ ակումբը «Փլազա Փալաս»-ի մէջ կազմակերպեց տարեկան իր ընթրիքի երեկոն“ նախագահութեամբ ակումբի նախագահ Զիատ Անթունին:
Իր խօսքին մէջ հայր Զիատ Անթոն բարձր գնահատեց ակումբին մարզիկներուն ձեռք ձգած բոլոր յաջողութիւններն ու նուաճումները բոլոր տեսակի մարզաձեւերուն մէջ, միեւնոյն ժամանակ ալ անոնց մաղթելով նորանոր նուաճումներ` յառաջիկային տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն ընթացքին:




