Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պունտըսլիկա. Պայէրն Միւնիխ Ախոյեան` 29-րդ Անգամ Ըլլալով

May 20, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Պունտըսլիկա»-ի 34-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներէն ետք է, որ միայն յստակացաւ երկրի ախոյեանին անունը:

Պայէրն Միւնիխ պաշտպանեց Գերմանիոյ ախոյեանի տիտղոսը, երբ 5-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Այնթրախթ Ֆրանքֆորթին, 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մրցումին: Հինգ կոլերն ալ նշանակուեցան հետեւեալ մարզիկներու կողմէ. Քինկզլի Քոման (4-րդ), Տաւիտ Ալապա (53-րդ), Ռենաթօ Սանչես (58-րդ), Ֆրանք Ռիպերի (72-րդ) եւ Արժեն Ռոպեն (78-րդ):

Այսպիսով, Պայէրն Միւնիխ յաջորդաբար եօթներորդ տարին ըլլալով, իսկ իր պատմութեան մէջ 29-րդ անգամ ըլլալով բարձրացուց ախոյեանութեան տիտղոսը:

Պայէրն տարեշրջանը աւարտեց 78 կէտով` 2 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով 2-րդ դիրքը գրաւող Պորուսիա Տորթմունտի վրայ, որ բաւական մօտ էր տիտղոսին տիրանալուն: Վերջինս 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դաշտէն:

Այստեղ յիշատակութեան արժանի է այն, որ Պայէրն Միւնիխի ֆրանսացի միջնապահ Ֆրանք Ռիպերի ախոյեանութեան տիտղոսներու քանակով դարձաւ «Պունտըսլիկա»-ի մրցանշակիր` 9 տիտղոս:

36 տարեկան Ռիպերի, որ 2007-ի ամրան Մարսէյէն միացաւ միւնիխեան կազմին, իր 11-րդ տարեշրջանը աւարտելով, այս ամառ կը հեռանայ իր կազմէն` ազատ գործակատարի կարգավիճակով:

Ան 424 մրցումի ընթացքին նշանակեց 124 կոլ եւ կատարեց 182 էսիսթ:

Վերջին հանգրուանի մրցումներուն մեծագոյն յաղթականը եղաւ Վոլֆսպուրկ, որ 8-1 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Օկզպուրկի դէմ:

Վերջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը` Շթութկարթ, Հանովըր-96 եւ Նիւրեմպերկ, փոխադրուեցան Բ. դասակարգ:

Պայէրն Միւնիխի ախոյեան հանդիսանալով, առաջին անգամ ըլլալով Եւրոպայի հինգ յառաջատար ախոյեանութիւններուն բոլոր ախոյեանները պաշտպանեցին իրենց տիտղոսները: Անգլիա` Մանչեսթըր Սիթի, Սպանիա` Պարսելոնա, Իտալիա` Եուվենթուս, Ֆրանսա` Փարիզ Սեն Ժերմեն:

 

Նախորդը

Ֆիտէ-Կրան-Փրի. Լեւոն Արոնեան Դուրս Մնաց Պայքարէն

Յաջորդը

Սամպօ. Տիգրան Կիրակոսեան` Եւրոպայի Ախոյեան

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Անթունիէ ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Անթունիէ ՀՄԸՄ

January 22, 2026
Սարգսեան Հրաժարեցաւ «Ազրպէյճան» Գրութեան Շուրջ Ստեղծուած Հարցին Պատճառով
Մարզական

Սարգսեան Հրաժարեցաւ «Ազրպէյճան» Գրութեան Շուրջ Ստեղծուած Հարցին Պատճառով

January 22, 2026
«Էն.Պի.Էյ.»  Քլիփըրզի Անակնկալ Պարտութիւնը
Մարզական

«Էն.Պի.Էյ.» Քլիփըրզի Անակնկալ Պարտութիւնը

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.