Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան չյաջողեցաւ յաղթել ռուս Եան Նեփոմնիաշչիին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող ՖԻՏԷ-ի կրան-փրիի ճատրակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին:
Արոնեան` որ առաջին մրցումին պարտութիւն կրած էր, երկրորդ դասական մրցումին ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Նեփոմնիաշչիի հետ, որ քառորդ աւարտականին կը մրցի Չինաստանի ներկայացուցիչ Եի Վէյի դէմ: Վերջինս 1,5-0,5 արդիւնքով յաղթեց ռուս Տմիթրի Եաքովենքոյին:
ՖԻՏԷ-ի կրան-փրիի ընդհանուր դասաւորման առաջին եւ երկրորդ դիրքերը գրաւողները իրաւունք կը ստանան մասնակցելու աշխարհի ախոյեանի կոչման յաւակնորդներու մրցաշարքին: