Սկովտիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Սթիւ Քլարք, յայտնեց երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
55 տարեկան Քլարք անցեալին եղած է Ժոզէ Մուրինիոյի օգնականը` Չելսիի մէջ, Ճիանֆրանքօ Ցոլայի օգնականը` Ուեսթ Համի մէջ, իսկ Քենի Տալկլիշի օգնականը` Լիվըրփուլի մէջ:
Այնուհետեւ ան եղած է Ուեսթ Պրոմուիչի եւ Ռիտինկի մարզիչ:
Անոր վերջին խումբն է Քիլմարնոքը, որ Սկովտիոյ ֆութպոլի նախորդ ախոյեանութեան գրաւեց երրորդ դիրքը:
Ֆետերասիոնը անոր հետ կնքեց երեք տարուան պայմանագրութիւն մը: