Անգլիական Մանչեսթըր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի թեքուանտոյի ախոյեանութեան մրցումներուն զուգահեռ, Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ հանդիպում մը ունեցաւ Թեքուանտոյի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Չունկ Ուուն Շուի հետ:
Այս հանդիպումին քննարկուեցան թեքուանտոյի մարզը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի փափաքը, որպէսզի կարենայ իրաւունք ստանալ հիւրընկալելու 2020-ի Ասիոյ ախոյեանութիւնը:
Թեքուանտոյի միջազգային ֆետերասիոնի հարաւային քորէացի նախագահը բարձր գնահատեց Զարիֆէի տարած աշխատանքը` Լիբանանի մէջ թեքուանտոյի յառաջխաղացքին համար:



