Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան աւարտական հասնող երկու խումբերը:

Անսար երկարաձգումէն ետք 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ախա Ահլի Ալէյը, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:

Աւարտականին Անսար իր դէմ պիտի ունենայ Ահտը, որ երէկ Պհամտունի մէջ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Ռասինկին:


