Ազրպէյճանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը Արսենալին եւ Չելսիին հաւաստիացուց, որ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականի մրցումին համար իւրաքանչիւր ակումբի համար պիտի տրամադրէ 10 հազար յաւելեալ տոմս, եթէ այդ ակումբները կամ զբօսաշրջութեան ընկերութիւնները կազմակերպեն պտոյտներ` Լոնտոնէն Պաքու:
Աւարտականի մրցումին մարզադաշտը կրնայ հիւրընկալել 68.700 հանդիսատես:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն իւրաքանչիւր ակումբի տրամադրած էր 6 հազարական տոմս, ինչ որ ակումբներուն մօտ դժգոհութիւն յառաջացուցած էր:
«Տէյլի-Մէյլ» նշեց, որ 25 հազար տոմս վաճառուած է առցանց դրութեամբ, իսկ 10 հազար տոմս Պաքուի մէջ վաճառքի պիտի դրուի 22 մայիսին: