Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 29-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Քրասնոտար, որ հիւրը եղաւ Արսենալ Թուլայի, 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ապահովեց «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի իր տոմսը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Քրասնոտար նուազագոյնը ապահովեց երրորդ դիրքը` կոլ-էվըրէյճի տարբերութեամբ ետ մնալով Լոքոմոթիւ Մոսկուայէն, որ իր կարգին ունի 53 կէտ:
Ախոյեան հանդիսացաւ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ` 61 կէտով:
Վերջին հանգրուանի մրցումները պիտի վճռեն, թէ ո՛ր խումբը պիտի մասնակցի խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին եւ ո՛ր խումբը` անոր զտումի մրցումներուն: