Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հենրիխ Մխիթարեան Պիտի Չմեկնի Պաքու» Յայտարարեց Արսենալ

May 23, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 29 մայիսին, տեղի պիտի ունենայ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, երբ Պաքուի մէջ իրարու դէմ պիտի մրցին անգլիական երկու կազմեր` Արսենալ եւ Չելսի:

Վերջին շրջանին բաւական տեղեկութիւններ շրջան ըրին այն մասին, թէ արդեօք Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր խումբին` Արսենալի հետ պիտի մեկնի՞ Պաքու:

Այդ տարաձայնութիւններն ու խօսակցութիւնները վերջ գտան, երբ Արսենալ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Մխիթարեան պիտի չմեկնի Պաքու:

Արսենալ այս յայտարարութիւնը կատարեց Մխիթարեանի եւ անոր ընտանիքին հետ զրուցելէ ետք:

«Մենք նամակ գրեցինք «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին` յայտնելով մեր խոր մտահոգութիւնը ստեղծուած այս իրավիճակին մասին: Մխիթարեան խումբին կարեւոր մարզիկներէն մէկն է: Մրցումէն անոր բացակայիլը մեծ կորուստ մը կը նկատուի մեզի համար», նշուեցաւ Արսենալի հաղորդագրութեան մէջ:

Իսկ իր խօսքին մէջ Մխիթարեան ըսաւ.

«Քննարկելով բոլոր տարբերակները, ստիպուած եղայ չմեկնիլ Պաքու: Այսպիսի հանդիպում յաճախ չի պատահիր մեզի` ֆութպոլիստներուս կեանքին մէջ:

«Կը խոստովանիմ, որ շատ կը ցաւիմ աւարտական այս մրցումէն բացակայելուս համար, բայց եւ այնպէս, խմբակիցներուս կ՛ըսեմ մէկ բան. կ՛ուզեմ, որ կազմը տիտղոսակիր դառնայ»:

Այլ գետնի վրայ, անգլիացի անուանի լրագրող Փիրս Մորկան այս հարցին անդրադառնալով ըսաւ.

«Չելսի, դո՛ւք, որ ունիք բազմաթիւ հայ համակիրներ, այս հարցին ի տես չէ՞ք մտածեր որեւէ քայլի դիմել:

«Եթէ Չելսի եւ Արսենալ որոշեն Պաքուի մէջ չկատարել աւարտականի այս ճակատումը, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն կրնայ տեղափոխել խաղին վայրը»:

Միւս կողմէ, «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը, անդրադառնալով մրցումին, նշեց, որ եթէ Արսենալ տիրանայ տիտղոսին, անոր ֆութպոլիստները պիտի ստանան նիւթական պարգեւներ, իւրաքանչիւրը` 100-էն 500 հազար սթերլինկ:

 

Նախորդը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Անսար – Ահտ Բաժակի Մրցաշարքի Աւարտականը` Շաբաթ, 25 Մայիսին, Ժամը 22:30-ին

Յաջորդը

Աթլեթիզմ. Շանթ Ահարոնեան Միացաւ Լիբանանի Ազգային Խումբին

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.