Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Ասուլիս` «Ռիմալ»-ի Մէջ. 13-14 Յուլիսին Լիբանան Կը Հիւրընկալէ «Ռետ-Պուլ»-ի Սուզումի Ախոյեանութեան 5-րդ Հանգրուանը

May 22, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հրաւիրեալներ, պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ 13-14 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ «Ռետ-Պուլ»-ի ցատկելով սուզումի մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ռաուշէի հանրածանօթ ժայռին վրայէն եւ որ կ՛իյնայ «Ռետ-Պուլ»-ի սուզումի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:

Այս մամլոյ ասուլիսին, որ տեղի ունեցաւ «Ռիմալ»-ի համալիրին մէջ (Զուք Մոսպեհ), ներկայ գտնուեցան զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ալեքսանտր Մաթոսեան, Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Թոնի Նասսար, տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, սուզումի աշխարհի հանրածանօթ ախոյեան, աւստրալիացի Ռհիանան Իֆլենտ եւ մարզական լրագրողներ:

Յատուկ տեսերիզի մը ցուցադրութենէն ետք, երեսփոխան Մաթոսեան նախարար Կիտանեանի խօսքը ուղղելով ըսաւ.

«Շնորհակալութեան յատուկ խօսքը կ՛երթայ «Ռետ-Պուլ»-ին, որ այս ախոյեանութեան եօթը հանգրուաններէն մէկը ընտրած է Լիբանանը: Այս մեծ իրադարձութեան ականատես պիտի ըլլան հազարաւոր մարդիկ եւ անոր ընդմէջէն մօտէն պիտի տեսնեն Լիբանանի ունեցած իւրայատուկ եւ տեսարժան վայրերը:

«Յոյսով ենք, որ ապագային Լիբանան նմանօրինակ բազմաթիւ այլ իրադարձութիւններ ալ կը հիւրընկալէ:

«Վերջապէս, վերջին բաժինով յաջողութիւն կը մաղթենք բոլոր մասնակցողներուն եւ կը յուսանք, որ կազմակերպիչ յանձնախումբին աշխատանքը հեզասահ ձեւով կ՛ընթանայ»:

Ապա կազմակերպիչները յաջորդաբար խօսք առնելով ներկայացուցիչին սուզումի այս մրցումին մանրամասնութիւնները` յայտնելով, որ Լիբանան հասնելիք 24 ախոյեանները (երկսեռ) ունին բացառիկ յատկութիւններ այս մարզին մէջ:

Մամլոյ ասուլիսին աւարտին աւստրալիացի Իֆլենտ սուզումի յատուկ ցուցադրութիւն մը կատարեց «Ռիմալ»-ի լողաւազանին մէջ:

 

 

Նախորդը

Ռասինկ Եւ Սալամ Զղարթա Կ՛ուզեն Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Հրաժարականը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 22 Մայիս 2019)

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.