Իտալական մամուլը յայտնեց, որ քանի մը օր առաջ Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի եւ Եուվենթուսի ղեկավարութեան միջեւ հանդիպումը ընթացած է բաւական դրական մթնոլորտի մը մէջ, եւ Կուարտիոլա համաձայն գտնուած է ստանձնելու ակումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը:
Կը նախատեսուի, որ ան չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրէ Եուվէի հետ:
Եուվէի միանալով, Եոսիփ Կուարտիոլա պիտի ստանայ տարեկան 24 միլիոն եւրօ աշխատավարձք, մինչ Սիթիի հետ կը ստանար 20 միլիոն եւրօ:
Կը նախատեսուի, որ 4 յունիսին ան ստորագրէ Եուվենթուսի տոմարներուն վրայ:
Նշենք, որ Եուվենթուսի մարզիչ` Մասիմիլիանօ Ալլեկրի, նախորդ 17 մայիսին յայտարարեց, որ Քալչիոյի 2018-2019 տարեշրջանի աւարտէն անմիջապէս ետք, պիտի լքէ իր պաշտօնը: