Նախագահութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի եւ ներկայութեամբ ֆետերասիոնի անդամներուն մեծամասնութեան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Ժալ Էլ Տիպի իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր նիստը` քննարկելով օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը:
Յայտարարուեցաւ, որ կիրակի, 7 յուլիսին պիտի սկսի Լիբանանի տղոց 23 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը, մինչ կիրակի, 22 սեպտեմբերին, ազդանշանը պիտի տրուի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանոթեան 2019-2020 տարեշրջանին` Լիբանանի գերբաժակի մրցումով, իսկ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը պիտի սկսի հոկտեմբերի սկիզբը:
Ֆետերասիոնը իր հաւանութիւնը տուաւ, որ Լիբանանի տղոց 16 տարեկանէն վար ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը բերէ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական ախոյեանութեան, 18-25 յունիսին:
Իսկ Լիբանանի 16 տարեկանէն վար ազգային խումբը պիտի մասնակցի Իրանի մէջ տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքի մը` առ ի պատրաստութիւն Ասիոյ ախոյեանութեան:
Ֆետերասիոնը նաեւ յայտնեց, որ Ռիատի Պէյրութի աղջկանց խումբը պիտի մասնակցի Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան, իսկ ՀՄԸՄ Անթիլիաս` Արաբական ակումբներու ախոյեանութեան:
Վերջին բաժինով ֆետերասիոնը յայտնեց, որ բոլոր դասակարգերու տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեանց մասնակցող մարզիկները պէտք է ենթարկուին սրտի քննութիւններու: Այս ուղղութեամբ ֆետերասիոնը մօտիկ ապագային պիտի տայ յաւելեալ լուսաբանութիւններ: